2013-11-26 09:12:39

«Ժընեւ-2»-ը` 22 Յունուարին


ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը յայտնեց, որ վերջինս չորեքշաբթի, 22 յունուարը Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման թուական յայտարարած է: Բանբերը աւելցուց, որ «Սուրիոյ մէջ տառապանքին վերջ տալու այս առիթը փախցնելը աններելի պիտի ըլլայ»:
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Ժընեւի մէջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ եռակողմանի հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին շուրջ ժողովները շինիչ էին»` նշելով, որ ներկայիս այդ խորհրդաժողովին մասնակիցներուն ցանկին շուրջ քննարկումներ տեղի կ’ունենան: Ան յայտարարեց, որ 20 յունուարին տեղի պիտի ունենայ եռակողմանի հանդիպում մը եւս, որ հաւանաբար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ վերջինը ըլլայ:
Իպրահիմի ըսաւ, որ խորհրդաժողովի գումարումէն ետք բոլոր հարցերը սեղանի վրայ պիտի դրուին, եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` առանց նախապայմաններու մասնակցելու խորհրդաժողովին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ տակաւին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի ըսաւ, որ «Ժընեւ-2»-ը Սուրիոյ մէջ նոր կառավարութիւն կազմելու լաւագոյն առիթն է, իսկ իր երկիրը սուրիական տագնապին քաղաքական լուծումի մը հասնելուն դիմաց ծառացող արգելքներուն կը գիտակցի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «Ժընեւ-2»-ին աջակցելու եւ զայն յաջողցնելու համար անհրաժեշտ քայլերը առնելու, ներառեալ` զինադադարի հաստատում եւ գաղթականներու տունդարձ` աւելցնելով, որ «որեւէ բռնարարքի իսկական աւարտը Սուրիոյ տագնապին կատարեալ վերջն է»: Ան ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը միջազգային ապահովութեան մեծագոյն սպառնալիքն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.